ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԼԱՔԻ ՎԻՆԿԱՍԸ

Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան վեր­ջերս ու­նե­ցաւ խորհր­դան­շա­կան հիւր մը։ Այս­պէս, իր այ­ցե­լու­թեան փու­թաց Լա­քի Վին­կաս, որ մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը կը զբա­ղեց­նէր այդ պաշ­տօ­նը։ Ան­տա­րա­կոյս Թո­րոս Ալ­ճա­նի տե­սան­կիւ­նէն զգա­ցա­կան խոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Ան­մի­ջա­կան եւ յու­զում­նա­խառն զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Լա­քի Վին­կաս եւ Թո­րոս Ալ­ճան կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան երկ­րի ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու կեան­քի առ­կայ նուա­ճում­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, հարկ է նշել, որ Ան­գա­րա­յի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դին հեր­թա­կան նիս­տը։ Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Պելկ­րատ­գա­բուի Ա­յա Փա­նաիա յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­բե­րեալ վար­չա­կան խնդիր­ներ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015