ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ
Պէյօղլուի Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբէն խումբ մը անդամներ վերջերս համերգով մը հանդէս եկան Լեհաստանի Վրոքլաւ քաղաքին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Վրոքլաւ ներկայիս Եւրոպայի մշակոյթի մայրաքաղաքն է եւ այս շրջագծով կազմակերպուած փառատօնի մը մասնակցութիւն բերած են Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամները։ «Կրոթովսքիէկօ» կաճառին կողմէ պաշտօնապէս հրաւիրուեցան եւ հիւրընկալուեցան Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամները։
Համերգը տեղի ունեցաւ քաղաքի Ս. Անթուան եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբին անդամները հանդէս եկան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեզմայլ շարականներու կատարումներով։ Անոնք ունկնդիրներուն վրայ խոր տպաւորութիւն գործեցին իրենց յաջող մեկնաբանութիւններով։ Ունկնդիրները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամները, որոնք արդէն վերադարձած են քաղաքս։