ԱՆՆԿԱՐԱԳՐԵԼԻ ՀՄԱՅՔ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Սա համոյթի այս շրջանի երկու ելոյթէն մին էր։ Ներկայ շարքը ձօնուած է Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակի յոբելեանին։ Երէկուան երեկոյթը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիեան, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Ալի Ռըզա Եըլմազ եւ Նուրհան Փալաքօղլու եւ բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեան ողջոյնի խօսքով մը դիմեց ներկաներուն։ Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ժպիտ Իսքէնտէրօղլու-Քալայճըի։

Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի վերահսկողութեան ներքեւ «Մարալ»ի տղաքը այս ելոյթին ժամանակ հերթական անգամ գերազանց յաջողութիւն մը արձանագրեցին։ Ի տես աննկարագրելի հմայքին, ներկայ գեղարուեստասէրները որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին համոյթի արձանագրած յաջողութիւնը։

Հուսկ բանքին մէջ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրն ալ բարձր գնահատեց «Մարալ»ի արձանագրած յաջողութիւնը եւ հասած մակարդակը։ Նկատի ունենալով, որ Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնը Պէշիկթաշի քաղաքապետարանի հովանաւորութեան տակ կը գործէ եւ այս ելոյթներուն առթիւ տրամադրուած էր անվճար՝ ձեռնարկէն վերջ Էսաեան սանուց միութեան եւ «Մարալ»ին անունով յուշանուէրներ յանձնուեցան Ալի Ռըզա Եըլմազին եւ Նուրհան Փալաքօղլուին։

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2022