ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Պոլսահայ տասն սանուց միութիւններու մասնակցութեամբ վերջերս տեղի ունեցաւ միջմիութենական ճատրակի մրցաշարք մը։ Սա տասներորդն էր իր նմաններու շարքին, թէեւ որոշ ժամանակէ մը ի վեր միջմիութենական ճատրակի մրցաշարքերը չէին կազմակերպուեր։ Այս տարի սոյն աւանդոյթը վերականգնուեցաւ։ Խաղերը տեղի ունեցան Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։

Անցեալ շաբաթավերջի խաղերու աւարտին, հիւրընկալ Կեդրոնական սանուց միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։

Առաջին հորիզոնականները զբաղեցուցին Կեդրոնական, Թոփգաբու Լեւոն-Վարդուհեան, Ֆէրիգիւղ Մէրամէթճեան եւ Գատըգիւղ Արամեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019