ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՁՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ՎԵՐՋԱՑԱՆ

Շիշլի մարզակումբի 2018-2019 շրջանի ձմրան դասընթացքներու եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եդքին Պէրպէրօղլու» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ եզրափակիչ արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան ակումբի վարչայինները, մարզիչներ եւ դասընթացքներու մասնակից աշակերտներն ու իրենց ծնողները։ Տղաքը ստացան վկայականներ եւ յիշատակի մետայլներ։ Այսպէսով, Շիշլիի հերթական դասընթացքը եզրափակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Ակումբի վարչայինները ներկայիս կը պատրաստուին յառաջիկայ ամրան կազմակերպուելիք դասընթացքներուն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019