ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ԳԻՐԵՐՈՒ ԳԻՒՏԻՆ ՄԱՍԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ՝ հայ գիրերու գիւտին ձօնուած մշակութային ձեռնարկ մը։ Դպրոցի հանդիսասրահի երդիքին տակ կազմակերպուած երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները, տիրամայր Մարի Մութաֆեան, կրթական մշակներ, դպրոցի աշակերտութեան ծնողներ եւ հիւրեր։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիրի հսկողութեան ներքեւ կազմակերպուած ձեռնարկի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի ուսուցչուհիներէն Ժպիտ Պետիկեան։ Այս վերջինը ընդգծեց մայրենի լեզուի օգտագործման կարեւորութիւնը եւ այս ուղղութեամբ զոհողութիւններ յանձն առնելու անհրաժեշտութիւնը։

Դպրոցի հինգերորդ դասարանի աշակերտները Ժպիտ Պետիկեանի մականին ներքեւ պատրաստած էին յայտագիրը, որով հայոց այբուբենի գիւտը ներկայացուեցաւ թատերակի մը ձեւաչափին մէջ։

Ձեռնարկի աւարտին արտայայտուեցաւ տնօրէնուհի Թալին Նայիր, որ շեշտեց, թէ հայերը կը գոյատեւեն շնորհիւ մայրենի լեզուին եւ եկեղեցիին, ուստի ի գին ամէն բանի տէր կանգնին այս արժէքներուն։

Հանդէսի աւարտին բոլոր ներկաները ջերմօրէն գնահատեցին յայտագրին մասնակից աշակերտները եւ իրենց ուսուցչուհին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019