ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Սկիւ­տա­րի Ս. Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնց հետ էր նաեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։

Ս. Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը այս տա­րի տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Յու­լի­սի 3-ին, երբ պի­տի նշուի Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան տա­ղա­ւա­րը։ Ուս­տի, ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, նա­խօ­րեա­կին թա­ղա­կան­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Գում­գա­բու՝ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն հա­մար խնդրե­լու Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ա­նոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ըն­թա­ցիկ գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ջերմ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նեց Ս. Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն այ­ցը։ Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու դար­ձաւ ա­նոնց կող­մէ հա­ղոր­դուած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն՝ փո­խան­ցե­լով իր գնա­հա­տանքն ու օրհ­նու­թիւն­նե­րը։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2016