ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Տաղաւարը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Կրօնական արարողութիւններուն առընթեր, մասնաւորապէս երիտասարդները վերակենդանացուցին զիրար թրջելու, իրարու վրայ ջուր սրսկելու աւանդութիւնը։

Մեր համայնքէն ներս ամենախանդավառ տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Կղզեբնակ հաւատացեալներուն առընթեր Վարդավառի տօնակատարութիւններուն մասնակցեցան նաեւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի սաները։

Կրօնական արարողութիւններու աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ստեղծուեցաւ խրախճանքի մթնոլորտ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բարձրացաւ եկեղեցւոյ հովուատան պատշգամը, ուրկէ ջուր սփռեց բակին մէջ համախմբուած մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն վրայ։ Երէց սերունդէ հաւատացեալներն ալ բաժնեցին երիտասարդներու ուրախութիւնը։ Ներկայ էին նաեւ Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք։

Այս տօնախմբութենէն վերջ, Կղզեաց թաղային խորհուրդն ու Կազդուրման կայանի խնամատար մարմինը ճաշասեղանով մը պատուեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ բոլորին փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնը մեծապէս ոգեւորուած էր տաղաւարի առթիւ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս մեր նոր սերունդին մասնակցութեամբ ստեղծուած բարձր տրամադրութենէն։ Ան շեշտեց, որ թէեւ տաղաւարի օրերը անշուշտ արտասովոր են, սակայն ամէն ջանք պէտք է գործադրուի, որպէսզի մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ նոր սերունդի ներկայութիւնը չըլլայ բացառութիւն եւ մեր երիտասարդները ներգրաւուին մեր հաւաքական կեանքին՝ իրենց թարմ ուժերով, եռանդով, գիտելիքներով։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նաեւ գնահատեց Կղզեաց թաղային խորհուրդին եւ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնին կողմէ ծաւալուած աշխատանքը եւ համագործակցութիւնը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019