ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Համահայկական 8-րդ խաղերուն մասնակցելիք թրքահայ խումբի դէպի Հայաստան ուղեւորութեան բոլոր կարգադրութիւնները գրեթէ կատարուած են։ Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբին կողմէ գործընթացը յառաջ տարուած է ամենայն լրջութեամբ։ Երէկ, Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասու եւ «Սասուն» անուանումով խաղերուն մասնակցելիք խումբին ներկայացուցիչը՝ Արամ Տեմիր հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի «FlyOne Armenia» օդային ընկերութեան Իսթանպուլի ներկայացուցիչ Պերճուհի Սէօղիւթին հետ։ Արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր կողմերը նախապատրաստական աշխատանքներ յառաջ կը տանէին՝ թրքահայ բազմանդամ մարզական պատուիրակութեան Իսթանպուլէն Երեւան թռիչքին վրայ։ Այդ բոլորին հիման վրայ երէկ կողմերուն միջեւ ստորագրուեցաւ վերջնական պայմանագիր մը։ Պերճուհի Սէօղիւթ, Հայկարամ Քարասու եւ Արամ Տեմիր բոլոր մանրամասնութիւնները պարզեցին՝ կազմակերպելու համար 231 հոգիէ բաղկացեալ թրքահայ մարզական պատուիրակութեան ուղեւորութիւնը Իսթանպուլ-Երեւան-Իսթանպուլ ուղղութեան վրայ։

Հարկ է նշել, որ Համահայկական 8-րդ խաղերը օգոստոսի 5-ին պիտի սկսին՝ Կիւմրիի մէջ նախատեսուած հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Թրքահայ պատուիրակութիւնը օգոստոսի 4-ի եւ 5-ի թռիչքներով՝ երկու խումբի բաժնուելով պիտի հասնի Հայաստան եւ մրցաշարքի օրերուն պիտի ներկայացնէ մեր համայնքը։

Շաբաթ, Յուլիս 29, 2023