«ՄԱՐԱԼ»Ի ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի հիմնադրութեան 45-ամեակին առթիւ, շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցած է յոբելենական երեկոյթ մը։ Կղզիի զբօսարաններէն մէկուն մէջ սարքուած ընթրիքին պատուոյ հիւրը եղած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան՝ ընկերակցութեամբ կարգ մը հոգեւոր հայրերու։ Համայնքային շրջանակներէն դէմքեր մասնակցութիւն բերած են ձեռնարկին, որու ընթացքին երաժշտական յայտագիր գործադրուած է եւ հատուած է տարեդարձի կարկանդակ մը։
Նկատի ունենալով, որ թերթս հնարաւորութիւն չէ ունեցած տեղւոյն վրայ ձեռնարկին հետեւելու եւ խմբագրութեանս ուղարկուած «մամլոյ հաղորդագրութիւն»ն ալ եղած է չափազանց սիրողական՝ այսքանով մեր հաղորդումը կը սահմանափակենք, նաեւ առանց լուսանկար հրատարակելու կարելիութեան։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024