ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՎԵՐՅԻՇՈՒԵՑԱՒ ՏԻՐԱՄԱՅՐ ՄԱՐԻ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՍԱՐՔՈՒԱԾ ՀՈԳԵՃԱՇԻ ՍԵՂԱՆՈՎ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, եղանակի եզրափակիչ փուլին յարգանքով ու կարօտով վերյիշուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ նախկին գահակալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը։ Երկար տասնամեակներ Գնալը կղզին եւ Կազդուրման կայանը հոգելոյս պատրիարքի գործունէութեան եւ հովուական առաքելութեան առանցքը կազմած էին։ Ուստի, իր ոգեկոչումը այդ ամբողջի վերյիշման ալ առիթ հանդիսացաւ։

Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի կողմէ Կազդուրման կայանի համալիրէն ներս կազմակերպուած հոգեճաշը թէ՛ համախմբման առիթ մըն էր եւ թէ՛ բոլորին առթեց այն զգացումը, որ երջանկայիշատակ պատրիարքի հոգին կը թեւածէ կղզիի բարձունքին, ուր երկար տասնամեակներ ամբողջական եռանդով ծառայութիւն մատուցած էր մեր եկեղեցւոյ եւ համայնքին։

Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք հոգեճաշի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանելով շնորհակալութիւն յայտնեց տիրամայր Մարի Մութաֆեանին, որ ջերմ հոգածութեան առարկայ դարձուցած է կայանի տղաքը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022