ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԶՕՐԱՇԱՐԺ

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին Սա­մա­թիոյ մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ թա­ղի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ա­մէն տա­րի Ս. Գէոր­գի տօ­նի շա­բա­թա­վեր­ջին կը կա­տա­րուէր թա­ղի պատ­մա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը, որ­մէ վերջ ալ կը սար­քուէր տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը։ Այս տա­րի ստի­պո­ղա­կան պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ ա­ւան­դա­կան այս ծրա­գի­րը են­թար­կուե­ցաւ փո­փո­խու­թեան, ո­րով­հե­տեւ Ս. Գէոր­գի տօ­նի շա­բա­թա­վեր­ջը զու­գա­դի­պե­ցաւ մահ­մե­տա­կան աշ­խար­հի «Քուր­պան»ի տօ­նի շա­բա­թա­վեր­ջին։ Հե­տե­ւա­բար, Սա­մա­թիոյ ա­ւա­նդա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն եր­կու հանգ­րուան­նե­րը տա­րան­ջա­տուե­ցան։ Ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ Ս. Գէոր­գի տօ­նի շա­բա­թա­վեր­ջին, սա­կայն սի­րոյ սե­ղա­նը յե­տաձ­գուե­ցաւ շա­բաթ մը։ Ու­րեմն, այս շա­բա­թա­վեր­ջին է, որ Սա­մա­թիոյ մէջ պի­տի սար­քուի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը։ Կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն պի­տի նա­խա­գա­հէ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ, ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տէ­մի­րը, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նա­յին իր գոր­ծա­կից ըն­կեր­նե­րէն Հեր­ման Կիւր­ճեան եւ Ղե­ւոնդ Եըլ­մազ։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք մե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցին Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քին վե­րա­բե­րեալ ա­մե­նա­թարմ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ամ­բող­ջին մէջ ա­ռանց­քա­յին տեղ ու­նէր կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան աշ­խա­տան­քը։

Թա­ղա­կան­նե­րուն կող­մէ փո­խանցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նը այս տա­րի եւս կը հիւ­րըն­կա­լէ բազ­մա­հա­րիւր ա­շա­կերտ­ներ։ Վար­ժա­րա­նը այս տա­րի ու­նի 455 ա­շա­կերտ, իսկ ու­սուց­չա­կան կազ­մին մէջ ընդգր­կուած են 55 կրթա­կան մշակ­ներ։ Ինչ­պէս միշտ, լուրջ աշ­խա­տանք կը տա­րուի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի կա­յուն վե­րել­քը տե­ւա­կա­նաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը այս ա­ռու­մով կ՚ա­պա­ւի­նի նաեւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու զօ­րակ­ցու­թեան, որ­պէս­զի վար­ժա­րա­նը կա­րե­նայ ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը մա­տու­ցել մեր այն ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, ո­րոնց դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը յանձ­նուած է մեր այս պատ­մա­կան դպրո­ցին։ Հիւ­րե­րը շեշ­տե­ցին, որ հա­կա­ռակ պե­տու­թեան կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած ա­ջակ­ցու­թեան, մեր վար­ժա­րան­նե­րու նիւ­թա­կան ծով կա­րիք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին, նե­րա­ռեալ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նը։ Հիմ­նա­կան պա­տճառ­նե­րէն մին այն է, որ մեր դպրոց­նե­րու կա­րիք­նե­րը օ­րէ օր կը մեծ­նան, իսկ հա­մայն­քին կող­մէ կա­տա­րուած ներդ­րում­նե­րը, ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րուն կող­մէ բե­րուած մաս­նակ­ցու­թիւ­նը դժբախ­տա­բար կը նուա­զի։ Թա­ղա­կան­նե­րը շեշ­տե­ցին, որ չեն փա­փա­քիր ա­նո­րոշ հաս­ցէ­նե­րով, միա­կող­մա­նի ու քմա­հաճ քննա­դա­տու­թիւն­ներ ը­նել հան­րա­յին կար­ծի­քին առ­ջեւ, կ՚ըն­դու­նին՝ որ դպրո­ցին հա­մար մի­ջոց­ներ ճա­րե­լու հիմ­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը վի­ճա­կի ի­րենց, սա­կայն ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րուն կող­մէ դրսե­ւո­րուած ան­տար­բե­րու­թիւնն ալ (բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րը միշտ յար­գե­լի) լրջօ­րէն կը խո­չըն­դո­տէ ի­րենց աշ­խա­տան­քին ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը։ Հե­տե­ւա­բար, ա­նոնք կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի մեր հա­մայն­քի բո­լոր ան­դամ­նե­րը ամ­րապն­դուին այն գի­տակ­ցու­թեան մէջ, թէ մեր բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րուն տէ­րը նախ եւ ա­ռաջ հա­մայնքն է, ուս­տի ինչ­պի­սի մա­կար­դա­կի մը վրայ զօ­րակ­ցու­թիւն որ ալ ա­պա­հո­վուի մեր դպրոց­նե­րուն հա­մար, ա­պա ծնող­նե­րուն ներդ­րու­մը միշտ կը հա­մա­րուի նա­խախ­նա­մա­կան։

Սա­մա­թիոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը զրոյ­ցի ըն­թաց­քին նշե­ցին նաեւ, թէ ի­րենց խնամ­քին յանձ­նուած Պա­լըք­լըի ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տու­նէն ներս վե­րա­նո­րո­գու­թեան բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք­ներ տա­րուած են վեր­ջին շրջա­նին։ Այս­պէս, շի­րիմ­նե­րը պի­տի են­թար­կուին ընդ­հա­նուր մաք­րու­թեան ու խնամ­քի եւ այս գոր­ծին տե­սա­կէ­տէ անհ­րա­ժեշտ ամ­բողջ են­թա­կա­ռու­ցուած­քը ար­դէն պատ­րաս­տուած է մեծ աշ­խա­տան­քով մը։ Գե­րեզ­մա­նա­տան ջու­րի եւ ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի սար­քա­ւո­րում­նե­րը ամ­բող­ջո­վին վե­րա­նո­րո­գուած են, նաեւ հաս­տա­տուած է լու­սա­ւո­րու­թեան դրու­թիւն։ Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ կեան­քի կո­չուած է այս ծրա­գի­րը, ո­րու ամ­բող­ջին մէջ գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ ու­նե­ցած է լուրջ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն։ Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ բե­րուած մաս­նակ­ցու­թեան ա­ռըն­թեր, թա­ղա­յին խոր­հուրդն ալ յանձն ա­ռած է լուրջ զո­հո­ղու­թիւն­ներ՝ որ­պէս­զի մեր այս պատ­մա­կան գե­րեզ­մա­նա­տու­նը ներ­կա­յա­նա­լի ու պատ­շաճ վի­ճա­կի մը մէջ գտնուի։ Այս նիւ­թը թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ կը հա­մա­րուի սկզբուն­քա­յին, ո­րով­հե­տեւ հար­ցը կը վե­րա­բե­րի մեր նախ­նի­նե­րու բա­րո­յա­կան յի­շա­տա­կին նկատ­մամբ յար­գան­քի, իսկ միւս կող­մէ Պա­լըք­լըի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ա­ղերս ու­նի մեր հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան հետ։ Ա­նոր ըն­դար­ձակ տա­րած­քէն ներս ի­րենց կեան­քի վեր­ջին հանգ­րուա­նը գտած են այն­պի­սի խորհր­դան­շա­կան ա­նուն­ներ, ո­րոնք մեր ան­ցեա­լը կը շաղ­կա­պեն թրքա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յին։ Հե­տե­ւա­բար, ու­րա­խա­ռիթ էր թա­ղա­կան­նե­րէն տե­ղե­կա­նալ այս կա­րե­ւոր ու նոյն­քան դրուա­տա­լի աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ։

Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քին յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք շա­բա­թա­վեր­ջի սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2015