ԸՆԴԱՄԷՆԸ 11 ԱՆՈՒՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել մեր համայնքին օրակարգը։ Մէկ կողմէ գործընթացի պաշտօնական մարմիններու վերաբերեալ երեսակը փակուղիի մատնուած ըլլալ կը թուի, իսկ միւս կողմէ Պատրիարքական Աթոռը զուտ իրմէ կախեալ աշխատանքը յառաջ կը տանի այս շրջանին։ Ապագայի տեսակէտէ անորոշութիւնը, պղտորութիւնը թէեւ կը մնայ առկայ, սակայն վերջերս Գումգաբուէն նամակներ ուղարկուած են թեկնածու սրբազաններուն։ Այսպէս, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի ստորագրութեամբ նամակներ ուղարկուած են քաղաքիս կամ արտասահմանի այն սրբազաններուն, որոնք կը համարուին պատրիարքի թեկնածու։ Այստեղ չափանիշը այն է, որ այդ սրբազաններու ծնողները անցեալի մէջ եղած են թրքահպատակ կամ ոմանք Թուրքիոյ սահմաններէն ներս ծնած ըլլալով՝ գաղթած են փոքր տարիքին։ Բնականաբար, քաղաքիս սրբազաններու պարագային հպատակութեան տեսակէտէ որեւէ խնդիր գոյութիւն չունի։ Իսկ արտասահմանի սրբազաններու պարագային, թրքահպատակ ծնողներ ունենալու կամ Թուրքիոյ մէջ ծնած ըլլալու հանգամանքը կրնայ հիմք ծառայել՝ պատրիարք ընտրուելու պարագային անոնց Թուրքիոյ քաղաքացի դառնալը։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, տեղապահ սրբազան հօր ստորագրութեամբ նամակ ստացած են հետեւեալ սրբազանները.

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, Արարատեան Հայրապետական Թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, Շիրակի Թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, Գուգարաց Թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Թեմի առաջնորդ եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայրապետական պատուիրակ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեան, Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Այս տասն անուններուն առընթեր պատրիարքի թեկնածու է նաեւ նոյնինքն Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Այսպէսով տասնմէկ սրբազաններ կը համարուին Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի թեկնածու։ Կ՚ակնկալուի, որ յառաջիկայ օրերուն տեղապահ սրբազան հօր ստորագրութեամբ նամակ ստացած սրբազանները պատասխանեն՝ յստակեցնելով իրենց թեկնածու ըլլալու կամ չըլլալու հանգամանքը։ Վերոյիշեալ անուններու շարքին ոմանք վաղուց տեղեկացուցած են, որ պատրիարքի թեկնածու չեն։ Անոնց շարքին են՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան եւ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան։ Այս անուններու շարքին ոմանք յարմար կը դատեն եկեղեցական անդաստանէ ներս ծառայութիւնը շարունակել ներկայ առաքելութիւնով, ոմանք ալ տարիքի բերումով յարմար չեն նկատեր պատրիարքի թեկնածու ըլլալ։

Գումգաբուի աղբիւրները պաշտօնական որեւէ հաղորդում չեն կատարած թեկնածուներուն ուղարկուած նամակներու նիւթին շուրջ։ Ըստ երեւոյթին, յառաջիկայ օրերուն թեկնածուներու պատասխան-նամակները աստիճանաբար կը հասնին Պատրիարքարան եւ այսպէսով գործնականօրէն յայտնի կը դառնայ, թէ ո՛ր սրբազաններու անուններուն շուրջ պիտի բիւրեղանան թեկնածութեան հարցերը։

Ծանօթ է, որ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեան։ Ըստ երեւոյթին, թեկնածութեան հրաւէր-նամակը ստացած ըլլալով ան փափաքած է այցելել քաղաքս ու տեղւոյն վրայ շնչել մթնոլորտը՝ վերջնականօրէն կողմնորոշուելու ընդառաջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2017