Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ԱՐՄԱՆՏՕ ՔՈՍԵՆԹԻՆՕ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ վոլէյպոլի յայտնի մարզիչ Արմանտօ Քոսենթինօ մարզական ասպարէզի մէջ ունեցած է նոր ու կարեւոր ձեռքբերում մը։ Այսպէս, ան Իսթանպուլի համալսարանի Մարզական բարձրագոյն վարժարանէն ներս նշանակուած է դասախօս՝ մարմնամարզի կառավարման ու կազմակերպման առարկային համար։ Սա համալսարանի երկրորդ դասարանի աշակերտներուն համար նախատեսուած դաս մըն է։ Արմանտօ Քոսենթինօ ներկայ տարեշրջանին արդէն սկսած է այդ առարկան դասաւանդելու։
Հարկ է նշել, որ Արմանտօ Քոսենթինօ մարմնամարզի ուսուցիչն է նաեւ Գարակէօզեան Տան եւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2018