ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՈՒՆՃԵԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային հանրածանօթ բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իսկ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին՝ Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Մուրատ Կսրկ. Կոստանեան, Ուրարակիր Դպիրներ Զարեհ Ազարեան եւ Արեգ Թաշճեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբի երկսեռ անդամները՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։
Արարողութեանց ներկայ գտնուեցան նաեւ Ունճեան ընտանիքի շառաւիղէն Խաչիկ-Սաթի Մանկասարեան ամոլը, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, ինչպէս նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն եւ Գալֆաեան Տան խնամակալութենէն ներկայացուցիչներ ու աշակերտներ։
Տէրունական աղօթքէն առաջ Հայր Սուրբը քարոզեց «Նոյնն է պարագան բոլոր անոնց, որոնք միայն իրենց անձերուն համար հարստութիւն կը դիզեն, փոխանակ Աստուծոյ աչքին հարստանալու» (Ղուկ.12.21) բնաբանով։ Նախքան իր խօսքերը, գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կատարուած պտղաբեր այցելութեան համար։ Այս առթիւ, ան յայտնեց, թէ «Գատըգիւղի յուշամատեանը» հասած էր Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը եւ յանձնուած՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Հայր Սուրբը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին բարեմաղթութիւններն ու օրհնութիւնները թաղի հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ապա, «Անմիտ հարուստ»ին առակը յիշեցնելով, փոխանցեց օրուան հոգեւոր ու բարոյական պատգամը, ըսելով.
«Ծակաչքութիւնը մեծագոյն թշնամին է մարդուն եւ հեռու կը պահէ անձերը Աստուծոյ առաջնորդութենէն։ Անձեր գիտեն, թէ կեանքի վախճանը անկախ է իրենց կամքէն, բայց երբեմն կը վարուին այնպէս, թէ կեանքը վախճան մը չունի երբեք։ Նման արարքը վնասակար կը դառնայ, երբ մարմինը կը կեդրոնացնենք ու ծակաչքութեամբ միշտ ա՛լ աւելիին կը ցանկանք։ Բոլոր կռիւներու եւ նեղութիւններու աղբիւրն է ան։ Մինչ, Տէր Յիսուս Քրիստոս կը վստահեցնէ, թէ Աստուած կը հոգայ զմեզ եւ կը հատուցանէ մեր կարիքները։ Մեր կարիքները պէտք է լաւ կշռենք ու մեզի տրուած շնորհներէն ուրիշներուն եւս բաժին յատկացնենք։ Իսկ գոյութիւն ունի պարագայ մը, որուն մէջ ծակաչք եւ փափաքող ըլլալը կը դառնայ աստուածահաճոյ։ Երբ Աստուծոյ փառքին համար, ծառայութեան դաշտին մէջ միշտ ա՛լ աւելիին ցանկանք, այդ կ՚օրհ-նըւի նաեւ նոյնինքն Աստուծմէ։ Եկեղեցիներու մէջ հաւատացեալներու բազմութիւնը ապահովելն ու սպասարկողներու բարձր քանակը տեսնելու յոյսն է այս մէկը։ Ըստ կարելւոյն, միշտ ա՛լ աւելին կը պահանջէ եկեղեցին։ Եթէ կարելի է, ցանկալով ու նոյն շրջագիծով աշխատելու ծակաչքութեամբ, որ ուղղակիօրէն կը ծառայէ Աստուծոյ փառքին։
«Այսպէս եղան նաեւ Ունճեան հարազատները։ Անոնք, փոխանակ աւելի մեծ շտեմարաններ կառուցանելու բաժին յատկացուցին Աստուծոյ եւ ժողովուրդին։ Ո՛չ միայն Գատըգիւղի եկեղեցւոյ եւ վարժարանին բարերարները եղան, այլ՝ համայն հայութեան։ Օրուան Ս. Գրային ընթերցանութեան ուղղութեամբ լաւ օրինակներ դարձան իրենց մերձեցումով»։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանստեան պաշտօն Ունճեան հարազատներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան ի յիշատակ հանգուցեալ ազգայիններ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատներու։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024