ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐԸ՝ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Մխիթարեան վարժարանի մէջ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ 24 նոյեմբեր, Ուսուցչաց օրը: Մխիթարեան հայրերու, վարժարանի վարչայիններու, ուսուցչաց կազմի եւ ծնողներու ներկայութեամբ կայացած հանդէսին աշակերտները իրենց ինքնաբուխ ելոյթներով գիտցան կրկին սիրտերը գրաւել իրենց թանկագին ուսուցիչներուն: Ձեռնարկի մասնակից բոլոր աշակերտները հանդէս եկան արտասանութիւններով, թատերակներով, երգերով եւ պարերով, բոլորն ալ ձօնուած աշխարհի այդ նուիրեալ անձերուն՝ ուսուցիչներուն:

Հանդէսի տեւողութեան աշակերտները պանծացուցին նաեւ մեր մայրենի լեզուն: Անոնք արտասանութիւններով եւ երգերով գովքը հիւսեցին մեր Ոսկեղնիկին եւ այսպէս՝ հանդէսը դարձաւ ոգեկոչման օր Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, Ս. Սահակ Պարթեւի եւ բոլոր Ս. Թարգմանիչներու, չէ՞ որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը կը նկատուի մեր առաջին ուսուցիչը եւ անոր ու իր գործակիցներուն շնորհիւ է, որ այսօր գոյութիւն ունին ու կը գոյատեւեն մեր լեզուն, մեր մշակոյթը եւ վերջապէս մեր ինքնութիւնը:

Այսպէս՝ Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ անգամ մը եւս Ուսուզցչաց օրը եւ Թարգմանչաց տօնը, ընդելուզուած իրարու, ներկայացան գեղեցիկ հանդէսով մը, որու ընթացքին տղաքը առիթն ունեցան իրենց անխարդախ սէրն ու երախտիքը յայտնելու իրենց սիրելի ուսուցիչներուն եւ մեր Մեծասքանչին անցեալի ու ներկայի բոլոր ծառայողներուն նկատմամբ:

Իսկ հանդէսէն ետք ուսուցիչները վարժարանի Մատակարար մարմնի կողմէ պատուասիրուեցան շքեղ ճաշարանի մը մէջ, ուր անոնք առիթն ունեցան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ իրարու հետ զրուցելու եւ իրենց ուսուցչական յիշատակները թարմացնելու:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2018