ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Գումգաբուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան մատաղօրհնութիւնը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Տարեկան մատաղօրհնութիւնը առիթ հանդիսացաւ հերթական անգամ բիւր երախտագիտութեամբ ոգեկոչելու համար Կեդրոնական վարժարանի մեծանուն հիմնադիր՝ երջանկայիշատակ պատրիարք Ներսէս Արք. Վարժապետեանը։ Հոգեւոր հայրերու առընթեր այս փուլին ներկայ գտնուեցան Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները, Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, ուսուցչական կազմէն եւ աշակերտութենէն ներկայացուցիչներ, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան եւ Կեդրոնականի ընտանիքի այլ բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Խնամակալութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ դժբախտաբար կարելի չէ եղած հաւասարակշռել դպրոցի տարեկան բացը, որովհետեւ երէկուան հանգանակութեան արդիւնքը ակնկալուած մակարդակին չէ հասած։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021