ՆՈՒԻՐԱԲԱՇԽՈՒՄՆԵՐԸ ՎԵՐՋԱՑԱՆ

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «500 ծիծ­ղուն աչք» խո­րագ­րեալ ա­մա­նո­րեան նուի­րա­բաշխ­ման ար­շա­ւը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Մխի­թա­րեան­ցի­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին այս ծրագ­րին մէջ ընդգր­կուած վեր­ջին ե­րեք վար­ժա­րան­նե­րը։ Այս­պէս, ա­նոնց կան­գառ­նե­րը հան­դի­սա­ցան Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նը, Գալ­ֆաեան Տու­նը եւ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը։ Բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ փոք­րիկ­նե­րը բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ դի­մա­ւո­րե­ցին Կա­ղանդ պա­պու­կը, որ­մէ ստա­ցան ի­րենց նուէր­նե­րը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016