ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՄԱՆՈՐԸ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ ներկայ Ամանորի շրջանը բնորոշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Դպրոցէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին տղաքը ողջունեցին Կաղանդ պապուկը։ Յայտագրի տեւողութեան աշակերտները Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան բնորոշ երգերով, արտասանութիւններով, թատերակներով եւ այլ ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։

Դպրոցի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին բոլորին բարեմաղթութիւններ յղեց Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018