ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ «ՊԵԼԿՐՈՒՓ-ՔԱՐՓԵՐ» ԳՈՐԾԱՐԱՆԸ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները վերջին օրերուն յատկանշական պտոյտ մը իրականացուցին։ Այսպէս, դպրոցի Ե. եւ Զ. դասարանները այցելեցին «Պելկրուփ-Քարփեր» գործարանը։ Տղոց ընկերացան դպրոցի տնօրէն Մուրատ Մարաշ եւ ուսուցչական կազմէն դէմքեր։ Գործարանին մէջ տղաքը դիմաւորուեցան մեր ծանօթ ազգայիններէն, երախտաշատ բարերար Հայկ Արսլանեանի կողմէ, որ երկար տարիներէ ի վեր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչն է։ Ծանօթ է, որ Հայկ Արսլանեան գործարար աշխարհէ ներս իր գործունէութիւնը գագաթնակէտին հասցուցած էր «Քարփեր» հաստատութիւնով, որ աւելի վերջ միացած էր ֆրանսական «Պելկրուփ»ին հետ։ «Քարփեր»ը այսօր համատարած վաճառանիշ մըն է եւ անոր ակունքներուն կը գտնուի Հայկ Արսլանեանի հեռատեսութիւնն ու յամառ աշխատանքը։ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Կարպիս Էվեափան եւս ներկայ գտնուեցաւ այս յատկանշական այցելութեան։

Տղաքը գործարանի համալիրէն ներս շրջայց մը կատարեցին՝ հնազանդելով ընդհանուր առողջապահութեան եւ ապահովութեան համար հաստատուած բոլոր կանոններուն։ Պաշտօնեաները ներկայացուցին պանիրի եւ կաթնամթերքի արտադրութիւններու զանազան փուլերը, ինչ որ իսկապէս հետաքրքրական էր աշակերտներուն տեսակէտէ։ Գործարանէն ներս կէսօրուան ճաշին ընդունուելէ վերջ տղաքը վառ տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին՝ մինչ պատասխանատուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայկ Արսլանեանին, որու կողքին էր նաեւ իր դուստրը՝ Անի Փեքքիւչիւքեան։ «Պելկրուփ-Քարփեր»ի պաշտօնեաներուն եւ անձնակազմին ալ դպրոցի վարիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին աշակերտներուն նկատմամբ ընծայուած ուշադրութեան համար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2022