«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ 2018 թուականը դիմաւորուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Ամանորեայ գեղեցիկ ու անաղարտ հէքեաթը իւրովի երանգ մը ստացաւ դպրոցի յարկէն ներս։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։
Մանկապարտէզէն մինչեւ հինգերորդ դասարանի աշակերտները յաջողապէս գործադրեցին հանդէսի յայտագիրը՝ արժանանալով ներկաներու եւ իրենց ծնողներու բուռն ծափահարութիւններուն։
Այս խանդավառ մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուները՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը ամանորեան նուէրներ բաժնեցին փոքրիկներուն։
Խրախճանքի բոլոր մասնակիցները իրարու հետ բաժնեցին նոր տարի մը եւս ողջունելու երջանկութիւնը, նաեւ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ՝ յառաջիկայ շրջանի համար դրական սպասումներով ու բարի կամեցողութեամբ։