«ՊԷԶՃԵԱՆ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Երէկ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային վարժարաններու աշակերտներուն ուղղեալ, Պատրիարքարանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած տարեմուտի աւանդական խրախճանքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։

Ներկայ էին տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Խրախճանքին մասնակցեցան նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Կիւրեղ Վրդ. Դաւթեան եւ Տ. Դանիէլ Վրդ. Թումանեան, որոնք քաղաքիս մէջ կ՚անցընեն տօնական շրջանը։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի կողմէ։ Համայնքային վարժարաններէ սաներ հանդէս եկան երգերով, պարերով, արտասանութիւններով՝ իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ։ Տղաքը նուէր մըն ալ յանձնեցին տեղապահ սրբազան հօր, որ իրենց փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Արտասանուեցաւ Տէրունական աղօթքը։

Հուսկ, Կաղանդ պապուկի սրահ ժամանումով խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին եւ տղաքը արձակուեցան ստանալով Ամանորի նուէրներ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 3, 2018