ԱՄԱՆՈՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան մատոյց տարուան անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ամանորի բարձր տրամադրութեամբ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած հաւատացեալները ապրեցան հոգեւոր մեծ հրճուանք։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։

Տէրուանական աղօթքէն առաջ հանդիսադիր հայր սուրբը խօսեցաւ քարոզ մը։ Ան յիշեցուց, որ ապագայի համար յուսադրուելու եւ բարի մաղթանքներով տոգորուելու առընթեր, պէտք է յիշել ամենապարգեւ Աստուծոյ ներկայութիւնը, որ պիտի դառնայ բարի խընդ-րանքներու իրականացման հաւաստիքը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, ըստ ընկալեալ սովորութեան կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան համար։ Ի նշան պտղաբերութեան եւ օրհնութեան տեղի ունեցաւ նաեւ նռնօրհնէք։

Հուսկ, օրհնուած նուռերը հաւատացեալներուն բաժնուեցան՝ ձեռամբ հայր սուրբին ու տէր հօր, որոնք բարեմաղթանքներ յղեցին բոլորին։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019