ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՄՈՒՐՔԷՍԷՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ օրուան երկրորդ կէսին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի համակրելի ու յարգուած անուններէն Վարդան Համուրքէսէն։ Ան երկար ատենէ ի վեր կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։ Դժբախտաբար իրեն ի նպաստ ցուցաբերուած խնամքը այլեւս մնացած է անբաւարար եւ ան աչքերը փակած է կեանքին։

Վարդան Համուրքէսէն մեր համայնքային կեանքին խանդավառ մասնակցութիւն եւ նպաստ բերած ազգային գործիչ մըն էր։ Իր հիմնադրած «Վարթեքս» ընկերութիւնով գործարար կեանքէ ներս հասած էր փայլուն յաջողութեան։ Մեր բոլոր հաստատութիւններուն բերած էր իր աջակցութիւնը, հովանաւորած էր զանազան ծրագրեր։ Ի լրումն այդ բոլորին, շրջան մը մաս կազմած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան՝ իր փորձառութիւնը եւ պաշարը ի սպաս դնելով համայնքին համար։

Իր կորուստը կը սգան ընտանիքն ու իր ընկերային շրջանակները։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն եւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք իր հարազատներուն։  

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019