ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տարեմուտի առթիւ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Թադէոս Գարափեքմէզի։ Արարողութեան աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն մըն ալ կատարուեցաւ՝ երանաշնորհ Տ.Տ. Յակոբ Ջուղայեցի Ամենայն Հայոց Հայրապետի շիրմին շուրջ, որ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը գտնուի։

Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան այս առթիւ յայտնեց, որ ներկայիս Սուրբ Ծնունդի բարեկենդանի շրջանն է, բոլոր հաւատացեալները կը պատրաստուին մեծ տաղաւարին եւ այս շրջանի բոլոր աղօթքները մաս կը կազմեն այս պատրաստութեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 3, 2024