ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչներէն Միսաք Հերկելեանը։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ ներկայացուեցան ծխական խորհուրդի գործունէութեան եւ Վաքըֆլըգիւղի ընթացիկ կեանքի մասին։ Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնուեցաւ նաեւ ծխական խորհուրդի տարեկան հաշուետուութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց Վաքըֆլըգիւղի մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ տեղւոյն հայութեան բարօրութեան համար գործադրուած ջանքերը։ Ան յարատեւութիւն մաղթեց՝ եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ բոլոր ջանքերուն համար։
Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Միսաք Հերկելեան բարեմաղթութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ փոխանակեցին Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։
Թրքահայ կեանք
- 02/05/2025