ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՅՈՒՊԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց հիւրերը ու շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։ Թաղականներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ նշեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնը տուին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու համար։

Տեսակցութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնը տուաւ թաղային խորհուրդի անդամներուն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց աշխատանքներուն համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2023