ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ան­գա­րա­յէն հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րու խումբ մը։ Այս­պէս, Գում­գա­բու այ­ցե­լե­ցին «Հա­ճէթ­թէ­փէ» հա­մալ­սա­րա­նէն ու­սա­նող­ներ։ «Ի նպաստ խա­ղա­ղու­թեան» խո­րագ­րեալ ծրագ­րի մը շրջագ­ծով այս հա­մալ­սա­րա­նա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ներ­կա­յիս շփման մէջ կ՚անց­նին կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հետ։ Ի­րենց նպա­տակն է նման այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ քա­ղել տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ հա­մադ­րել զա­նոնք։

Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը անդ­րա­դար­ձաւ թրքա­հայ հա­մայն­քի ան­ցեա­լին, այժ­մու վի­ճա­կին, Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան եւ հա­մայն­քա­յին կեան­քի ներ­կայ կա­ցու­թեան։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը պա­տաս­խա­նեց նաեւ ու­սա­նող­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2016