ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍԿՍԱՆ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՇՐՋԱՆԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆՆԵՐԸ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն ներս, թաղային խորհուրդին ջանքերով այս տարի եւս կը շարունակուի Մեծ պահոց շրջանի սիրոյ սեղաններու աւանդութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար տարիներէ ի վեր Մեծ պահոց շրջանին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն ներս մայրամուտին կը սարքուի պահքի սիրոյ սեղան։ Սա կը համախմբէ Գոց շուկայի եւ մերձակայ գօտիէն ներս աշխատող մեր համայնքի հաւատացեալ անդամները, որոնք հոգեւոր ջերմեռանդութեան մթնոլորտի մը մէջ իրարու հետ հաց կը բեկանեն այս նուիրական շրջանին։
Կէտիկփաշայի Մեծ պահոց սիրոյ սեղաններուն առաջինը սարքուեցաւ նախընթաց օր։ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի գլխաւորութեամբ նախ ժամերգութիւն մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ մէջ։ Հանդիսադիր հայր սուրբը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Աւելի վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ բոլորը համախմբուեցան սիրոյ սեղաններուն շուրջ։ Հայր սուրբը օրհնեց սեղանը եւ բոլոր ներկաները անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ առին իրենց ընթրիքը։ Բացի շաբաթավերջերէն, աշխատանքային բոլոր օրերուն՝ մինչեւ Աւագ շաբթուան սկիզբը Կէտիկփաշայի մէջ պիտի շարունակուին այս սիրոյ սեղանները, ամէն օր ժամը՝ 16.30-ին։
Առաջին սիրոյ սեղանին մասնակցեցան թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, որոնք ընդգծեցին տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն նուիրեալ աշխատանքին նշանակութիւնը։