ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 75-ամեայ յոբելեանը այս շրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առանցքային իրադարձութիւններէն մին դասուելու ճանապարհին է։ Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեանը, միութեան հովանիին տակ գործող «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանն ու յոբելենական կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին 75-ամեակի յոբելենական ծրագրին շուրջ։

Ինչպէս արդէն հաղորդած էինք, յոբելենական ձեռնարկներու շարքին բացումը նախատեսուած է յառաջիկայ 12 մարտին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեան ներքեւ։ Այդ օր Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ երաժշտահանդէս մը, որմէ առաջ ալ պիտի բանախօսէ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ Էսաեան վարժարանի սաներէն է։

Կարպիս Չափքան ուրախութիւն յայտնեց, որ «Մարալ»ին բախտ վիճակած էր ելոյթներ ունենալ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 60-ամեակին եւ 70-ամեակին եւ այժմ 75-ամեակի յոբելենական շրջանին ալ այդ նախընթացը կը շարունակուի։ Այսպէսով «Մարալ» համոյթը նաեւ իր երախտագիտութեան պարտքը կը մատուցէ Էսաեան սանուց միութեան նկատմամբ, քանի տարիներէ ի վեր կը հիւրընկալուի անոր երդիքին տակ։ Կարպիս Չափքան յայտնեց, որ համավարակի շրջանին ակամայ ցրուած համոյթի անդամները վերստին համախմբուած են ու կը պատրաստուին յառաջիկայ ապրիլին նախատեսուած երկու ելոյթներուն։

Այցելութեան ընթացքին Էսաեան սանուց միութեան ներկայացուցիչները ցաւ յայտնեցին, որ յոբելենական շրջանի ձեռնարկները ակամայ միութեան հարազատ երդիքէն դուրս կը կազմակերպուին։ Անոնք յոյս յայտնեցին, թէ ամէն ինչ պիտի վերադառնայ իր բնականոն հունը։

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022