ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԴԷՊԻ ԱՅՍՕՐ
Կեդրոնական վարժարանը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 130-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ նախատեսուած է յատուկ ձեռնարկ մը, որ խորագրուած է՝ «Հայ դպրոցը՝ անցեալէն դէպի այսօր»։
Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջին տարիներուն կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկները արդէն ստեղծած են աւանդութիւն մը իրենց տեսակին մէջ։ Սոյն շղթային վրայ այս տարի պիտի աւելնայ օղակ մը՝ զուգադիպելով 130-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Այդ օղակը ձօնուած պիտի ըլլայ հայ դպրոցին՝ անցեալի վերյիշումով եւ կարեւորութեան վերըմբռնումով։
Դպրոցի տնօրէնութիւնն ու հայերէնի ուսուցչական կազմը բծախնդիր աշխատանքով պատրաստած են այս ձեռնարկը, որ ձօնուած է Կեդրոնական վարժարանի հիմնադիր երանաշնորհ Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքի, ինչպէս նաեւ շրջանի մտաւորականութեան ու բարերարներու յիշատակին։ Ծրագրին առանձնայատկութիւններէն մին այն է, որ անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ այժմ անհետացած գաւառի հայկական կրթական կեանքէն կարգ մը յատկանշական էջերու։ Նոյն առթիւ պատրաստուած է նաեւ գրքոյկ մը։
Մինչեւ ամսավերջ սոյն յոբելենական յայտագիրը պիտի գործադրուի երկու անգամ։