ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ գաւառի մեր ժողովուրդն ու ժառանգութիւնը, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի Անատոլուի հայկական պատմական հետքերու պահպանման տեսակէտէ։ Ներկայիս ալ, երբ գաւառի հայութիւնը մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով, Նորին Ամենապատուութիւնը հաւատարիմ կը մնայ՝ բոլորին նկատմամբ հայրական խնամք ցուցաբերելու զգայնութեամբ։ Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հերթական հովուական ուղեւորութեան ձեռնարկեց դէպի աղէտի գօտի։ Այս անգամ ան նախ շփումներ ունեցաւ Մալաթիոյ մէջ, իսկ այսօր կ՚այցելէ Էլազըղ։ Իրեն կ՚ընկերանան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, նաեւ խումբ մը համայնքային գործիչներ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութեան շուրջ Գումգաբուէն հաղորդուած մանրամասնութիւնները։
*
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, օդային ճամբով մեկնեցաւ Մալաթիա։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանար Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Մալաթիոյ օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ գաւառի հայ համայնքի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեանի, Մալաթիոյ հայ համայնքէն Սէրտար Պոյաճըի եւ Արէտ Պոյաճըի կողմէ։ Խումբին միացան նաեւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ Գէորգ Էօզգարակէօզ, որոնք նախաճաշի սեղանով հիւրասիրեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները առաւօտեան կանուխ ժամերուն քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Մալաթիոյ կուսակալ Հուլուսի Շահինին։ Այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց երկրաշարժի պատճառած մարդկային կորուստներուն եւ աւերներուն համար։ Ան աւելցուց, որ մեր համայնքն ալ ունեցած էր կորուստներ։ «Ցաւը բոլորիս ցաւն է», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց երկրաշարժէն մինչեւ այսօր կատարուածներուն համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ աղէտեալներու համար առժամեայ բնակարաններ կառուցանելու մասին։
Իր կարգին, Հուլուսի Շահինն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց ցաւակցութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքավարական այցելութեան համար։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց ծրագրի իրականացման համար եւ խոստացաւ իր կարելին ընել այս մասին։
Շուրջ մէկ ժամուան տեսակցութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փայտեայ ձեռագործ ծաղկաման մը նուիրեց կուսակալ Շահինին։
Նորին Ամենապատուութիւնը աւելի վերջ այցելեց Մալաթիոյ գլխաւոր քաղաքապետ Սելահատտին Կիւրքանին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ Մալաթիա եկած է այցելելու տեղւոյն հայ համայնքին, յետերկրաշարժեան շրջանին անձամբ ցաւակցելու եւ աղօթելու համար։ Հովուապետական այս այցելութեան առթիւ փափաքած էր նաեւ այցելել քաղաքապետ Կիւրքանին։
Իր կարգին, Սելահատտին Կիւրքանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց ցաւակցական այս այցելութեան համար։ Ան երախտիքով յիշեց աւելի առաջ Նորին Ամենապատուութեան ցաւակցական նամակը եւ կատարուած բարեգործութիւնները։ Միջօրէին Կիւրքան քաղաքապետարանի մէջ ընթրիքի սեղանի մը շուրջ հիւրասիրեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները։
Գլխաւոր քաղաքապետին եւս ներկայացուեցաւ առժամեայ բնակարաններ կառուցելու ծրագիրը, որուն համար իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը տեղւոյն հայ համայնքին, որ իր պատմութեամբ կապուած է այս քաղաքին եւ անբաժան մասն է անոր։
Նորին Ամենապատուութիւնը ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով հրաժեշտ առաւ Մալաթիոյ գլխաւոր քաղաքապետէն։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները այցելեցին Թաշ Խորան մշակոյթի կեդրոն՝ երբեմնի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որ վնաս կրած էր երկրաշարժէն։ Շէնքի բուն կառոյցը անաղարտ մնացած է։ Վնասուած են յատկապէս ընդարձակ պատուհանները եւ ներքնամասի պատերուն վրայ գոյացած են ճեղքեր, որոնք ըստ ճարտարապետական տուեալներու, վտանգաւոր չեն։ Քաղաքապետի տնօրինութեամբ հարկաւոր միջամտութիւնները պիտի կատարուին եւ պիտի նորոգուին։
Օրուան վերջաւորութեան այցելութիւն մը տրուեցաւ Մալաթիոյ Հայոց գերեզմանատունը, ուր Նորին Ամենապատուութիւնը մէկտեղուեցաւ քաղաքաբնակ հայ ժողովուրդի անդամներուն հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրուցեց Մալաթիոյ հայերուն հետ, անոնց տուաւ իր հայրական պատգամը եւ խոստացաւ իր կարելին ընել, որպէսզի մեր ժողովուրդը մնայ իր ծննդավայրին մէջ ու երջանիկ ըլլայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքաբնակ հայերուն եւս տեղեկութիւն տուաւ առժամեայ բնակարաններ կառուցելու ծրագրի մասին։ Իսկ Գէորգ Էօզգարակէօզ տեղեկութիւններ փոխանցեց ծրագրին մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը մխիթարական խօսք ուղղեց իր հօտին եւ ըսաւ, թէ դժուար է, մահեր եղան, սակայն միասին է Մալաթիոյ հայ ժողովուրդը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց Պատրիարքական Աթոռի, պոլսահայերու եւ սփիւռքի զօրակցութեան պատրաստակամութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ աղօթող է իրենց համար։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խօսքի աւարտին, կատարուեցաւ ճաշու ժամ եւ հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցան Մալաթիոյ հայ համայնքի հանգուցեալ անդամները։
ԷԼԱԶԸՂ
Նոյն երեկոյեան, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաժեշտ առաւ Մալաթիոյ հայ ժողովուրդէն ու ցամաքի ճամբով մեկնեցաւ Էլազըղ։