ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտներուն համար նախընթաց օր մասնաւոր հանդէս մը կազմակերպուեցաւ՝ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին թաղի պատուոյ ատենապետուհի Մոնիք Երկանեան, թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, դպրոցի զօրակից մեր ազգայիններէն Վազգէն Վարդանօղլու, հիմնադրի ներկայացուցիչ Եդուարդ Հարբութ, ծնողաց միութեան անդամներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, Եդուարդ Հարբութ, դասարանի ուսուցչուհի Մատլէն Արզուման։ Ծափահարութիւններու ներքեւ բաժնուեցան վկայականները ու յաջողագոյն աշակերտներու պարգեւները։ Առլին Պոյաճը, Առլին Քազ եւ Նաթալի Մաշալը դասուեցան յաջողագոյններու շարքին։ Անոնք արժանացան «Սարայլը» մրցանակին, հանգուցեալ Վահրամ Գաբրիէլեանի կտակին համաձայն Սիլվա Թրիքայի ձեռամբ ստացան ոսկէ դրամ մը եւ Մատլէն Արսլանեանի կողմէ ձօնուած ոսկին։ Վազգէն Վարդանօղլու հեծանիւներ նուիրեց բոլոր դասարաններու յաջողագոյններուն։

Աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին կարկանդակ մըն ալ հատուեցաւ ի պատիւ շրջանաւարտներուն։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017