ՊԷԶՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան տարեվերջի խանդավառ հանդէսներ։ Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժնի աշակերտներուն համար նախատեսուած էին այս հանդիսութիւնները։ Մանկապարտէզի փոքրիկներու հանդէսին նախապատրաստութիւնները վերահսկեցին մանկապարտիզպանուհիներ Արշալոյս Կիւլլիւք եւ Ծաղիկ Կեւիք։ Չորրորդ դասարանի հանդէսի պատրաստութիւններն ալ վերահսկուած էին Մարալ Պելէքի, Սօնա Արթանի եւ Գարին Աթթարօղլուի կողմէ։

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան տնօրէնուհի Թալին Նայիր եւ փոխ-տնօրէն Քատիր Կիւնէշ։

Յայտագրի տեւողութեան տղաքը հանդէս եկան յաջող արտասանութիւններով, պարերով ու երգերով, ինչ որ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահին մէջ։

Հանդէսի աւարտին Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները ծափահարութիւններու ներքեւ հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։ Անոնք ծաղկեփունջեր նուիրեցին իրենց ուսուցիչներուն եւ ուսուցչուհիներուն։

Յաջորդած թէյասեղանին ընթացքին աշակերտներու ծնողները զիրար շնորհաւորեցին՝ իրենց զաւակներու յաջողութեան բերումով։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017