ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գալֆաեան Տան տարեվերջի հանդէսը այս տարի տեղի ունեցաւ Ալթունիզատէի մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Վարժարանի բոլոր դասարաններէն աշակերտներ մասնակցութիւն բերին այս հանդէսին, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով։ Ներկաներու շարքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր գործակիցները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Քարասու, տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Հայերէնի ուսուցչուհի Սիւզան Աւճըի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը, որու ընթացքին տղաքը արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։ Սրտի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։

Երեկոյթի ընթացքին ստեղծուած տօնական մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ բոլորը հրաժեշտ առին զիրար շնորհաւորելով եւ յառաջիկայ կրթական շրջանին զիրար վերագտնելու ակնկալութեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2019