ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Արամեան-Ունճեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի աշակերտները դպրոցական շրջանի եզրափակիչ փուլին առթիւ սարքեցին համերգ մը։ Չորրորդ դասարանի տղաքը այս տարի արդէն կ՚աւարտեն նախակրթարանը ու այժմէն կ՚ապրին յառաջիկայ տարեշրջանին սկսելիք միջնակարգի խանդավառութիւնը։ Անոնք նախակրթարանէ հրաժեշտի հանդիսութեան պատրաստուած էին իրենց դասարանի ուսուցչուհիին՝ Մելիսսա Թուրաչ-Պալչըքի հսկողութեան ներքեւ։ Դպրոցի հանդիսասրահին մէջ էին Գատըգիւղի ընտանիքի պատասխանատուները, աշակերտներու ծնողները եւ հիւրեր։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լորին Եէլէկէնի եւ Աքսել Հիլքաթի։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Մելիսսա Թուրաչ-Պալչըք։ Արտայայտուեցաւ նաեւ ուսուցչուհի Աննա Սարը-Սեչքին, որ եւս մեծ վաստակ ներդրած էր այս դասարանին համար։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ երեք լեզուով եւ տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Ծնողներուն անունով ալ խօսք առաւ Լեռնա Քարատերէ։ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2019