ՋԵՐՄ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ
Այս շաբաթավերջին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած է լիսէներու մտից քննութիւնը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ պոլսահայ միջնակարգերու սաները։ Այս կարեւոր քննութեան ընդառաջ, երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ մեր վարժարաններու 8-րդ դասարաններու սաներուն հետ, որոնք այս կիրակի պիտի մասնակցին քննութեան։ Ուսումնական կեանքի այս կարեւոր փուլին ընդառաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աշակերտները հայրական գուրգուրանքի առարկայ դարձուց։ Երէկուան արարողութեան մասնակցեցան Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի, Էսաեան վարժարանի, Գարակէօզեան Տան, Մխիթարեան վարժարանի, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի սաները։ Նորին Ամենապատուութիւնը քննութեան ընդառաջ աշակերտական այլ խումբի մը հետ ալ այսօր կը մէկտեղուի Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Երէկ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ մեր աշակերտներու յաջողութեան համար։ Աւելի վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը, որու ընթացքին արտայայտուեցաւ հաղորդական ոճով՝ մինչ իր եւ սաներուն միջեւ ջերմ հաղորդակցութեան մթնոլորտ մը ձեւաւորուեցաւ։
Քարոզի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մի առ մի քննեց վարժարանի անունները ու ողջունեց բոլոր սաներուն մասնակցութիւնը։ Ապա ան շեշտեց աշխատանքի կարեւորութիւնը ու նշեց, թէ միշտ պէտք է աշակերտ մնան, ինչ որ կը բանայ զարգացման դուռը։ Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց, որ կարեւոր է նաեւ աղօթքը։ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին ժողովրդականացած երկու աղօթքներուն՝ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» եւ «Պահապան Ամենայնի»ի ընթերցման ու մեկնաբանութեան լոյսին տակ ան հայրաբար թելադրեց, որ տղաքը ամէն առթիւ այս աղօթքները կարդան։ Նորին Ամենապատուութիւնը յորդորեց, որ աշակերտները չաղօթեն միայն իրենց համար, այլ իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն նաեւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց օգտակար կը հանդիսանան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կարկինի օրինակով բացատրեց, որ տղաքը ինչպիսի ընթացքի մը պէտք է հետեւին։ Կարկինի մէկ թեւը կը կենայ կեդրոնին վրայ, իսկ միւսը՝ ըստ ցանկութեան կրնայ բացուիլ ու շրջանակը ընդլայնել։ «Ձեր ոտքը դրէք ձեր եկեղեցւոյ, ձեր լեզուին, ձեր ժողովուրդի նուիրականութեան վրայ ու մի՛ բաժնուիք այդ կեդրոնէն։ Ձեր միւս ոտքը կրնաք ընդարձակ բռնել, կրնաք օտար լեզուներ սորվիլ, օտար վարժարաններ յաճախել, օտար համալսարաններ երթալ, կրնաք ձեր միտքը հարստացնել. այդ բոլորը, սակայն, առանց կեդրոնին վրայ դրուած ձեր ոտքը մեր նուիրական արժէքներէն բաժնելու», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Քարոզի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց տղաքը, որոնց հետ էին իրենց տնօրէններն ու ուսուցիչները։ Հուսկ, «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն։