ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄԷՆ ՎԵՐՋ ԲԱՐԵԶԱՐԴՄԱՆ ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններէն վերջ, բարեզարդման համալրումն ու կատարելագործումը կը շարունակուի։ Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելած է Տիարպաքըր։ Պաշտամունքի վերաբացումով հանդերձ առկայ պակասներու համալրման առաջադրութեամբ կազմակերպուած այցելութիւն մըն էր այս մէկը։

Ըստ Գումգաբուի աղբիւրներուն, նորին սրբազնութիւնը այցելութեան ընթացքին տաճարի մուտքին զետեղել տուաւ կարգ մը ազդանշաններ եւ ցուցանակներ, որոնք կ՚ազդարարեն, թէ այցելուները ինչ բաներէ ձեռնպահ պէտք է մնան սրբավայրէն ներս։ Միեւնոյն ժամանակ տեղադրուեցան Ս. Կիրակոսի եւ Մոր Յիւղիտայի վարքերուն կարեւոր գիծերը՝ հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ տաճարի ներքնամասին մէջ Աւագ խորանին ճակատը բաժակի, իսկ քովնտի սեղաններուն ճակատները Գառն Աստուծոյի ոսկեզօծ քանդակներ տեղադրուեցան։ Աւագ խորանի քովնտի՝ չորս աւետարանիչներուն ընծայուած սեղաններուն սրբանկարները վերստին տեղադրուեցան տեղւոյն չափերուն համեմատ։ Եկեղեցւոյ բեմի սուրբ քանդակն ալ ոսկեզօծուեցաւ։

Այս բոլորէն վերջ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան արդէն վերադարձաւ քաղաքս։

Ուրբաթ, Յունիս 3, 2022