ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նը միշտ կը հան­դի­սա­նայ իր զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ժա­մադ­րա­վայ­րը։ Այս­պէս, ե­րէկ դպրոց այ­ցե­լե­ցին Է­սաեա­նի 1964-1965 տա­րեշր­ջա­նի նա­խակր­թա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, ո­րոնք ապ­րե­ցան յու­զում­նա­լի պահեր եւ ու­նե­ցան ան­մո­ռա­նա­լի տպա­ւո­րու­թիւն­ներ։ Վար­ժա­րա­նի լի­սէի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշան եւ նա­խակր­թա­րա­նի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Առ­լին Ե­շիլ­թէ­փէ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին շրջա­նա­ւարտ­նե­րը։ Դպրո­ցի պար­զէ­զին մէջ ա­նոնք ու­նե­ցան ան­մի­ջա­կան զրոյց մը։ Սա­թե­նիկ Նշան ա­նոնց ցոյց տուաւ հին ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու տո­մար­նե­րը, ո­րոնց մէջ կա­յին այ­ցե­լու շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը։ Ի­րենց շրջա­նը վեր­յի­շե­լու ա­ռըն­թեր ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը ու­րա­խու­թեամբ ա­կա­նա­տես ե­ղան դպրո­ցի այ­սօ­րուան նա­խան­ձե­լի վի­ճա­կին։ Վար­ժա­րա­նին մէջ ա­նոնք կա­տա­րե­ցին շրջայց մը եւ այս առ­թիւ հան­դի­պե­ցան ամ­րան դա­սըն­թաց­քի մաս­նա­կից խումբ մը ա­շա­կերտ­նե­րու, ո­րոնց փո­խան­ցե­ցին յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ։

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թա­րա­նի բան­ժի 1964-1965-ի շրջա­նա­ւարտ­ներն են՝ Ժիլ­տա Լոք­մա­կէօ­զեան (Մոն­րէալ), Կա­րօ Լա­չի­նօղ­լու (Մի­շի­կըն), Վահ­րամ Հա­սի­պեան (Լիոն), Ա­նա­հիտ Քա­րա­սու, Ի­րիս Կիւլ­պէնկ, Ար­մե­նու­հի Չա­վու­շեան եւ Նա­տիա Քէօ­սէեան։

Այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին շրջա­նա­ւարտ­նե­րը գոհ տպա­ւո­րու­թեամբ հրա­ժեշտ ա­ռին դպրո­ցէն, մինչ ի­րենց յանձ­նուե­ցան նաեւ յու­շա­նուէր­ներ։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015