ԵԴՈՒԱՐԴ ԳՈՎԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին երէկ կէսօրուան ժամերուն համախմբեց հոծ թիւով յուղարկաւորներ, որոնք փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու նորոգ հանգուցեալ ելմտագէտ եւ համայնքային գործիչ Եդուարդ Գովանի նկատմամբ։ Վերջին օրերուն Եդուարդ Գովանի կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուց համայնքային կեանքէն ներս՝ հաշուի առնելով, որ ան երկար տասնամեակներ անսակարկ նուիրումով ծառայութիւն եւ լուրջ ներդրում բերած էր թրքահայ կեանքին։ Տասնամեակներու իր վաստակի լոյսին տակ, Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ Եդուարդ Գովան յաւերժութեան ճամբուեցաւ ազգային յուղարկաւորութեան կարգով։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց արարողութեան, որ հայրաբար մխիթարեց սգաւոր Գովան ընտանիքի անդամները։ Լուսաշող տաճարին կեդրոնը, մահաբեմին վրայ զետեղուած էր հանգուցեալին դագաղը, որու շուրջ շարուած էին կերոնակիրներ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրեր։

Յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ բոլոր յուղարկաւորները աղօթեցին լուսահոգի Եդուարդ Գովանի յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար եւ խորազգած վշտակցութիւններ յայտնեցին հարազատներուն։

Յուղարկաւորութենէն վերջ հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան շիրիմին մէջ։

Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին՝ Երջանիկ Գովանի, որդւոյն՝ մեր սիրելի բարեկամ Գարուն-Մելինէ Գովան ամոլին եւ համայն ընտանիքին։

Շաբաթ, Յուլիս 3, 2021