«ԺԱՄԱՆԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ 3 ԼԻՐԱ
Մեր ընթերցողներուն կու գանք տեղեկացնել, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վարչութիւնն ու խմբագրութիւնը համախոհաբար որոշած են թերթիս համար ակամայ սահմանել նոր սակագին մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօրուընէ սկսեալ կը վաճառուի 3 (երեք) թրքական լիրա փոխարժէքով։ Ընդհանուր տնտեսական պայմանները արդէն այնպիսի վիճակի մը հասած են, որ ամէն բնագաւառի մէջ սակագինի փոփոխութիւնները դարձած են ընթացիկ, նոյնիսկ սովորական։ Թէեւ թերթս միշտ մեր ընթերցողներուն բեռ չդառնալու սկզբունքով կ՚առաջնորդուի, սակայն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի փխրուն հաւասարակշռութիւնները, դիմագրաւած առկայ խոցելի կացութիւնը այս յաւելումը դարձուցած են անխուսափելի։
Մինչ այդ, խմբագրութիւնս ու վարչութիւնս համախոհաբար որոշած են նաեւ այսօրուընէ սկսեալ թերթիս տրուած բոլոր ծանուցումները հրապարակել նաեւ մեր ընկերային ցանցերու հաշիւներուն վրայ՝ ակնկալելով, որ սա խրախուսական կ՚ըլլայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մուտքերը բարձրացնելու տեսակէտէ։