Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼՃԵԱՆ ՔԱՂԱՔՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանէն Գուգարաց Թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան այսօր կը ժամանէ քաղաքս։ Ան հրաւիրուած է Գազար եւ Նալպանտղազարօղլու ընտանիքներուն կողմէ, որոնց թոռը՝ փոքրիկն Ռուպինան այս շաբաթավերջին պիտի մկրտուի Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ՝ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան կ՚իջեւանի Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովուատան երդիքին տակ։ Այս շաբաթավերջին նորին սրբազնութիւնը մասնակցութիւն կը բերէ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։

Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան քաղաքիս մէջ կը մնայ աւելի քան շաբաթ մը եւ այդ ընթացքին կը հիւրընկալուի համայնքային շրջանակներէ զանազան դէմքերու կողմէ։

Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի անունը Պոլսոյ Աթոռի համար պատրիարքական թեկնածուներու շարքին կը դասուի։ Նորին սրբազնութիւնը զանազան առիթներով վերահաստատած է իր թեկնածութիւնը։ Թէեւ տակաւին դժբախտաբար պատրիարքական ընտրութեան փուլը թեւակոխել հնարաւոր չէ եղած, սակայն Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի այցելութիւնը այժմէն խանդավառած է իր համակիրները։

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018