ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան արարողութիւններ, որոնց ընթացքին յիշատակուեցան եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներու հանգուցեալ հարազատները։ Արարողութեանց նախագահեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Հանդիսութիւններուն ներկայ ներկայ էին ատենապետ Լեւոն Շատեանի գլխաւորած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ կոկիկ թիւով հաւատացեալներ։ Մինչ այդ, կիրակնօրեայ արարողութիւնը ուղիղ սփռուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ համացանցի էջերէն։

Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Նօրա Իփէքճիի եւ Սիրուն Սիրունեանի։

Նախ քան Տէրունական աղօթքը, Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց եւ «Երբ որ Մարդու Որդին բարձրանայ, բոլոր մարդկութիւնը իր մօտ պիտի քաշէ» ըսելով մեկնաբանեց օրուան աւետարանական բաժինը։ Մեր Հոգեւոր Պետը նախ ներկայացուց Մովսէս մարգարէի շրջանին ժողովուրդին գործած մեղքերը եւ մեղքերու որպէս հետեւանք իրենց կեանքերէն ներս յայտնուած օձի մահաբեր խայթուածքը։ Աստուած իր ողորմութեամբ կը մօտենար նոյն ժողովուրդին եւ փրկութեան միջոցը ցոյց կու տար Մովսէսին, ըստ որում պղնձեայ օձը կը բարձրանար մեղաւոր ժողովուրդի մօտ որպէս փրկութեան երաշխիք։ Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, թէ մենք եւս կը գործենք մեղքեր, որուն որպէս հետեւանք մեր կեանքերէն ներս կը տեսնենք զանազան դժբախտ երեւոյթներ։ Մարդ արարածը իր աչքովը կը տեսնէ աշխարհը, սակայն դժբախտաբար նոյն աչքերով իր ներսիդին տեսնելու կարողութենէն զուրկ է։ Հետեւաբար, մեր բարեկամներէն ու եկեղեցականներէն հասած խրատները պէտք է օգտագործենք մեր սխալները ուղղելու եւ վերստին մաքրուելու համար։ Այս առումով Պատրիարք Հայրը խրատեց, որ մեր հաւաքական եւ անհատական մեղքերը ցուպի վրայ դնենք, զանոնք բարձրացնենք եւ երեւեալ սխալը ճշդապահութեամբ դիտելով ելքի ճանապարհներ որոնենք։

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2021