ՆԱՏԻՆ ԹՈՓՈՒԶՕՂԼՈՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՄԲ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Նատին Թոփուզօղլու առաջնութեամբ աւարտած է Պահչէշէհիրի համալսարանի ֆիզիոթերափիի ու վերակենդանացման բաժինը։ Քառամեայ ուսումնական շրջանի աւարտին ան եղած է իր բաժնի յառաջատարը՝ արժանանալով բարձր գնահատանքի։

Նատին Թոփուզօղլու, որ 1999 թուականին ծնած է Իսթանպուլի մէջ, նախակրթարանէն մինչեւ լիսէ ուսանած է Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ։ 2017 թուականին դպրոցը աւարտած է՝ որպէս իր շրջանի երկրորդը ու նոյն տարին յաջողած է մուտք գործել՝ Պահչէշէհիրի համալսարանը։ 50 տոկոս կրթաթոշակով բարձրագոյն ուսում ստանալու իրաւունք շահած է՝ ֆիզիոթերափիի եւ վերակենդանացման բաժնէն ներս։ Նատին Թոփուզօղլու այս տարի քառամեայ ուսումնառութեան շրջանը աւարտած է փայլուն յաջողութեամբ՝ հանդիսանալով իր շրջանի առաջինը ու պարգեւատրուելով՝ պատուոյ վկայականով։ Բաց աստի, ի վարձատրութիւն իր առաջնութեան՝ ան իրաւունք շահած է նոյն համալսարանէն ներս անվճար մագիստրոսական կրթութիւն ստանալու։

Նատին Թոփուզօղլու այս առթիւ կը նշէ, որ կեանքի ողջ տեւողութեան անսպառ եռանդ ունեցած է ուսանելու համար, կարդալու համար, ներկայիս ալ նոյն տրամադրութեան մէջ է եւ անհամբերութեամբ կը սպասէ մագիստրոսութեան ծրագրին հետեւիլ։ Ան այս փուլին ընդգծած է իր երախտագիտութիւնը՝ մանաւանդ իր ընտանիքին, բոլոր դասախօսներուն նկատմամբ, որոնք վաստակ ներդրած են, որպէսզի զինքը հասցնեն։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Նատին Թոփուզօղլուն, որուն նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք բարձրագոյն ուսման պարագային։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները իր ծնողքին՝ Ալին-Աւետիս Թոփուզօղլու ամոլին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2021