ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹ

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգենք, մենք պարենք» համերգաշարի հերթական երեկոյթը։ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ այս խանդավառ ձեռնարկը, զոր պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էր կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Առցանց հարթակներու վրայ ուղիղ եթերով սփռուեցաւ այս երեկոյթը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Այս անգամուան համերգի յայտագիրը փոփ եւ ռաք երաժշտութեան յատկացուած էր։ Ծանօթ է, որ համերգաշարը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած է։

Համերգի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սեւան Աթաօղլու, որ այս նախագծի պատասխանատուներէն է։ Յայտագրի տեւողութեան բեմ առին «Պակաս» եւ «Սոլանում» խումբերը։ «Պակաս»ի անդամներն էին՝ Ալէն Ցնծալ, Ալէք Ատիս Քըլըչեան, Ալիք Աթաօղլու, Արթուն Արծիւեան եւ Լիա Վարդանեան։ «Սոլանում»ի անդամներն էին՝ Ալեքս Էշմեզօղլու, Ալեքսանտրա Տատեան, Ալիք Աթաօղլու, Արաս Մեսրոպեան, Լիլիան Աւիթօղլու, Մարալ Էսքիճիեան, Տեսիլ Քարա եւ Թալիա Թուր։

Մինչ ներկաները ջերմ ծափերով ողջունեցին երիտասարդ երաժիշտները, հուսկ բանքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ գնահատեց զանոնք։ Նորին Ամենապատուութիւնը նաեւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Սեւան Աթաօղլուի եւ Արի Հերկելի մասին, որոնք կը համակարգեն կղզիի այս ամառուան երաժշտական ծրագիրները։

Հարկ է նշել, որ համերգաշարը մինչեւ երէկ դասական երաժշտութեան երեկոյթներով կ՚ընթանար եւ երէկուանը եկաւ տեսակաւորութիւն ապահովել այդ ամբողջին մէջ։ Երէկուան ձեւաչափով յաջորդ շաբաթ եւս համերգ մը նախատեսուած է։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2022