ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ այս շաբաթավերջին առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ դէպի Աղթամար հերթական ուխտագնացութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ վաղը պիտի նախագահէ Ս. Պատարագի։ Ինչպէս ծանօթ է, հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան այս գլուխ գործոցը պետութեան կողմէ վերանորոգուելէ վերջ կը գործէ թանգարանի կարգավիճակով եւ այնտեղ տարին անգամ մը Ս. Պատարագ կը մատուցուի։ Այս տարուան ուխտագնացութեան համար Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ օդային ճամբով մեկնեցաւ Վան՝ ընկերակցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Այսօր ալ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն խումբ մը կ՚ուղեւորուի Վան՝ Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն հետ։ Բացի Պոլիսէն, կը նախատեսուի, որ Հայաստանէն ալ ուխտաւորներ մասնակցին արարողութիւններուն։ Աղթամարի մէջ այս տարուան Ս. Պատարագը կը մատուցանէ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022