ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՆՏԻԼԻԻ ԵՒ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին՝ տեղեկութիւններ ստանալու համար բարեզարդման աշխատանքներու ընթացքին մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորեցին Մասիս Գույումճուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց թաղային խորհուրդը եւ ըրաւ թելադրութիւններ։ Հոկտեմբերի 13-ին կը նախատեսուի եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան տեւողութեան այցելեց նաեւ Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Օննիկ Ֆէնէրճեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Նորին Ամենապատուութիւնը թաղային խորհուրդի անդամներէն տեղեկութիւններ քաղեց բարեզարդման աշխատանքներու մասին։ Այսպէս, աշխատանքները պիտի լրանան յառաջիկայ ամսուան ընթացքին, իսկ նոյեմբերի 17-ին կը նախատեսուի եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց թաղային խորհուրդը այս գողտրիկ եկեղեցւոյ ի նպաստ ծառայութեան համար ու կարողութիւն մաղթեց տարուած ջանքերուն կապակցութեամբ։