ԿԱՄՈՒՐՋ-ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ
«Հայճար» կը շարունակէ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալել եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի իրականացնէ նոր եղանակի իր առաջին գործունէութիւնը։ Վերջերս հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Նազար Շիկահերն ու սիւներէն Նազար Պինաթլըն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկութիւններ տուին «Հայճար»ի մօտաւոր ապագայի քանի մը ծրագրին շուրջ։
Նոր եղանակի առաջին փուլին «Հայճար»ի ուշադրութիւնը վերստին կը կեդրոնանայ արքունի ճարտարապետներու Պալեան գերդաստանին վրայ։ Այս շաբաթավերջին, հոգելոյս Պալեանները պիտի ոգեկոչուին՝ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Կարապետ թաղամասէն ներս «Հայճար»ի ջանքերով կառուցուած իրենց յուշարձան-շիրիմին շուրջ նախատեսուած հոգեհանգստեան պաշտօնով։ Իսկ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին, «Հայճար» Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ շնորհանդէս մը պիտի կազմակերպէ Պալեաններու վերաբերեալ լոյս տեսած գիրքի մը համար։ «Ինքըլափ» հրատարակչատան կողմէ հետաքրքիրներու տրամադրութեան տակ դրուած այս գործին հեղինակն է՝ Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան նախագահ Աշոտ Գրիգորեան։ Այս վերջինը միջոց մը առաջ հայերէնով ծաւալուն գիրք մը հրատարակած էր Պալեաններու մասին։ Այդ գործը ներկայիս թարգմանուած է թրքերէնի՝ Մուրազ Կավրիլոֆի կողմէ։ «Balyanlar» անուանումով հրատարակուած է գիրքը, որ կը ցոլացնէ թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին ճարտարապետութեան մէջ Պալեաններու կողմէ կատարուած հսկայական արտադրանքը։ Աշոտ Գրիգորեան Պալեաններուն գործը մատուցած է՝ որպէս հայկական հարուստ ճարտարապետութեան պարտէզէն փունջ մը։
Նազար Շիկահեր եւ Նազար Պինաթլը զրոյցի ընթացքին յայտնեցին, որ «Հայճար» նպատակայարմար գտած է այս գիրքին համար ծանօթացման հաւաքոյթի մը կազմակերպումը։ Արդարեւ, ճարտարապետութեան պատմութիւնը մաս կը կազմէ այս կառոյցի ուղղակի հետաքրքրութեան ծիրին։ Մնաց որ, Պալեաններու արտադրութիւնը կամուրջ-հարստութիւն մը կը համարուի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հայաստանի տեսակէտէ։ Այս բոլորը հաշուի առնելով նախատեսուած ձեռնարկին համար ապահովուած է նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութիւնը։
Նազար Շիկահեր եւ Նազար Պինաթլը յոյս յայտնեցին, թէ այս նոր հրատարակութիւնը կ՚արժանանայ հետաքրքիր շրջանակներու ուշադրութեան, իսկ շնորհանդէսն ալ խթանի մը կը վերածուի այս ուղղութեամբ։