ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Եշիլգիւղի վարժարանի 7-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Հայերէնի ուսուցչուհի Անի Գալայլըի եւ գիտութեան ուսուցչուհի Գլոտիա Տեմիրի հսկողութեան ներքեւ տղաքը իրականացուցին այս պտոյտը։ Եկեղեցւոյ մէջ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց եշիլգիւղցի աշակերտները։ Եկեղեցիէն վերջ, եշիլգիւղցի աշակերտները այցելեցին նաեւ նոյն թաղամասի սինակոկը, ուր եւս արժանացան ջերմ ընդունելութեան։

Աշակերտները Գուզկունճուքէն հրաժեշտ առնելէ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեցին ատենապետ Եդուարդ Այվազեանին։ Այս վերջինն ալ իր հերթին ուրախութիւն յայտնեց տղոց ներկայութեան համար եւ մաղթեց, որ մեր բոլոր եկեղեցիները լենան երիտասարդներով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 3, 2018