ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուրատ Քարամանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Այցելութեան ընթացքին թաղականները յայտնեցին, որ Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպի դեկտեմբերի 5-ին։ Այս առթիւ Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին տարեկան տօնախմբութեան։ Մինչ այդ, թաղականները տեղեկութիւն փոխանցեցին եկեղեցւոյ կալւածներէն մէկուն շուրջ։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան յայտնեցին, թէ Ֆաթիհի Աքսարայ շրջանին մէջ եկեղեցին ունէր 72 քառակուսի մեթր անշարժ կալուած մը, որ նախապէս ապասեփականացուած էր Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ։ 2012 թուականին սկսած դատական գործընթացը անցեալ տարի աւարտած է ու ներկայիս հատուցում կատարուած՝ եկեղեցւոյ սնտուկին։

Մեր Հոգեւոր Պետը ուրախութիւն յայտնեց սոյն զարգացման համար ու թելադրեց, որ հատուցումը գործածուի նաեւ յօգուտ այլ համայնքային հաստատութիւններու։ Թաղականները եւս իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին, թէ պիտի օժանդակեն նաեւ համայնքային վարժարաններուն։ Պատրիարք Հայրը օրհնեց տարած աշխատանքը Ենիգաբուի թաղականներուն,  որոնց մաղթեց յաջողութիւն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2021